2014-09-09 12:29:15

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքով գլխատուած ամերիկացի լրագրող` Սթիվէն Սոթլոֆի ընտանիքին։


Երեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքով գլխատուած ամերիկացի լրագրող` Սթիվէն Սոդլոֆի ընտանիքին։
Պատգամին մէջ Կարտինալ Փարոլին, լրագրողի ընտանիքին փոխանցած է Քահանայապետին մօտիկութիւնը ի տես ''ողբերգական մահուան'', ինչպէս նաեւ անոր անկեղծ ցաւակցութիւնները։ Պապը – գրած է Կարտինալ Փարոլին - Սթիվէնի հոգին կը յանձնէ Տիրոջ` աղօթքներ բարձրացնելով ձեզի ու բոլոր անոնց որ կ՛ողբան անոր մահը։
Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ աշխարհի մարդիկը մերժելու բռնութիւնն ու անկարեկցութիւնը ու կը խնդրէ աղօթել եւ գործել ներումի, ապաքինումի եւ խաղաղութեան ի սպաս ու ձեր վրայ կը հայցէ Ամենակարող Աստուծոյն սփոփանքի եւ քաջութեան օրհնութիւնները







All the contents on this site are copyrighted ©.